Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «WBO»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ կը շարունակէ պատրաստուիլ անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ տեղի ունենալիք մենամարտին:
37 տարեկան Աբրահամի եւ 27 տարեկան Եուպենքի միջեւ մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ:
Այս ճակատումին յաղթականը, պիտի ստանայ «IBO»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, որ ներկայիս կը պատկանի Եուպենքի: