Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 17-29 յուլիսին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի վեց դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ անոր տարեկան թենիսի բաց մրցաշարքը:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց բոլոր դասակարգերու տարիքային մրցումները:
Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ մրցանակներու տիրացող մարզիկները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:


