Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան Բ. հանգրուանի մրցումները:
Թիւ 1 դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելով գերմանացի Տասթին Պրաունի:
Գ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (4-րդ)` 6-4, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ամերիկացի Տանըլտ Եանկը:
Աղջկանց մրցումներուն 2-րդ դասուած ռումանացի Սիմոնա Հալեփ յաղթեց Պէաթրիս Հատտատ-Մայայի (Պրազիլ)` 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 10-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզ: