Գերմանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը («Տի. Էֆ. Պի.») եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի լիկան («Տի. Էֆ. Էլ.») որոշեցին բարձրացնել իրաւարարներուն աշխատավարձը:
Եթէ նախապէս «Պունտըսլիկա»-ի կեդրոնի իրաւարարը մրցումի մը համար կը ստանար 3800 եւրօ, այժմ պիտի ստանայ 5000 եւրօ:
Կողմի իրաւարարները պիտի ստանան 2500-ական եւրօ, իսկ չորրորդ իրաւարարը եւ մրցումին հսկողը` 1200-ական եւրօ:
Բացի ատկէ, ֆետերասիոնն ու լիկան պիտի զբաղին իրաւարարներուն ֆիզիքական եւ հոգեբանական վիճակը բարելաւելու հարցերով:
Գերմանիոյ մէջ կը ձեւաւորուի այն կարծիքը, որ իրաւարարներուն աշխատանքը պէտք է բարելաւել: