
– ՊՐԱԶԻԼՑԻ միջնապահ Լուիս Կուսթաւօ իր ակումբը` Վոլֆսպուրկը լքելով միացաւ Մարսէյի:
Կուսթաւօ, որ «Պունտըսլիկա»-ի իր ասպարէզին սկսաւ 2007-ին` Հոֆընհայմի հետ, մաս կազմած է նաեւ Պայէրն Միւնիխի եւ Վուլվզի:
Ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, անոր փոխանցումը արժեց 10 միլիոն եւրօ:

– ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ միջազգային մարզիկ Մաթիաս Կինթըր Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի:
Կինթըր, որ 2014-ին միացաւ Տորթմունտին, չկրցաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուիլ խումբին մէջ:
Գերմանական մամուլին համաձայն, անոր փոխանցումը արժեց 17 միլիոն եւրօ:

– ԱՆԳԼԻԱՑԻ յետսապահ Մայքըլ Քին Պըրնլիէն միացաւ Էվըրթընի` անոր հետ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
Կը նշուի, որ անոր փոխանցումը արժեց շուրջ 39 միլիոն ամերիկեան տոլար:
24 տարեկան Քին նախորդ մարտին առաջին անգամ ըլլալով կրեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը` Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին: