«Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան Անտորրայի մէջ հիւրը եղաւ երկրին ախոյեան Սանթա Քոլոմայի:
Հայրենի կազմը, որ երթին, Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան մրցումին, թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ, սակայն ապահովեց զտումի Բ. հանգրուանին իր տոմսը, ուր կը մրցի «ՊԱԹԷ»-ի դէմ (Պիելոռուսիա):
Երթի մրցումին նման, դարձեա՛լ հայկական խումբին կոլը նշանակեց Ուրոս Նենատովիչ (28-րդ): Քոլոմա իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 63-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչն է Աբրահամ Խաշմանեան: