Մարզական

Կերըթ Պէյլ. «Կը Կարծեմ, Որ Դժուար Պիտի Ըլլայ Ռէալ Մատրիտի Հիմնական Խումբին Մաս Կազմելը»

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ ինք մտադիր չէ փոխել իր ակումբը, սակայն պէտք է ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ իրեն համար բաւական դժուար պիտի ըլլայ խումբին մէջ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուիլը: 28 տարեկան կալեսցի միջազգային մարզիկը ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի առաջին 11-ին մաս կազմէ: Նախորդ տարեշրջանին Պէյլ վիրաւոր...

Ինթեր Միլանի Նախագահը Լքեց Իր Պաշտօնը

«2018-ին տեղի ունենալիք ասիական խաղերուն պատճառով որոշեցի լքել իմ պաշտօնս», յայտարարեց Ինթեր Միլանի նախագահ Էրիք Թոհիր: Ինտոնեզիացի Թոհիր ըսաւ, որ թէեւ ինք ամէն ամիս կը մեկնի Միլանօ, սակայն գերզբաղած ըլլալուն պատճառով վերջին անգամ հոն եղած է նախորդ ապրիլին: Ան յայտնեց, որ մտածելով իտալական ակումբին շահերուն մասին, որոշեց ներկայացնել իր հրաժարականը` այդ պաշտօնը վստահելով այլ անձի մը, որ ժամանակ ունենայ զբաղելու...

Ահտի Ֆութպոլի Նոր Դաշտին Բացումը` Քֆարհունայի Մէջ

Պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ախոյեան Ահտ Քֆարհունայի մէջ կատարեց ֆութպոլի իր նոր դաշտին բացումը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտ, Զիատ Ասուատ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Ահտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյմանի, յատուկ հրաւիրեալներու, մեծաթիւ համակիրներու եւ մարզական լրագրողներու: Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն ետք բոլոր անոնք, որոնք խօսքեր արտասանեցին, քաջալերեցին Ահտի առած այս քայլը` նշելով,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ալաշկերտ – Պաթէ Պորիսով Դարձի Մրցումը

Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ, այսօր` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալէ ՊԱԹԷ Պորիսովը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի պիտի ունենայ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, երթին Ալաշկերտ բաւական կարեւոր` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ՊԱԹԷ Պորիսովի դաշտին վրայ...

Արաբական 6 Երկիրներ ՖԻՖԱ-էն Կը Պահանջեն Քաթարէն Խլել 2022-ի Մոնտիալը Հիւրընկալելու Իրաւունքը

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ արաբական 6 երկիրներ հաւաքական նամակ մը ուղարկած են ՖԻՖԱ-ին` պահանջելով Քաթարը զրկել 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքէն: Այդ երկիրները ՖԻՖԱ-ին զգուշացուցած են համակիրներուն սպառնացող վտանգէն, եթէ մոնտիալը տեղի ունենայ Քաթարի մէջ, որ կը նկատուի ահաբեկչութեան վայր մը: 5 յուլիսին, արաբական 6 երկիրներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Եմէն...

Հուփսի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Շուէտ

Նախորդ շաբաթավերջին Հուփսի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` Կոթըպըրկի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու համար պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 80 երկիրներու 1400 խումբեր: Հուփս իր մասնակցութիւնը կը բերէ երեք դասակարգերու մէջ` 2004, 2005 եւ 2006: Հուփսի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Մահմուտ Ապպաս:

Փինկ Փոնկ. Ամառնային Մրցաշարք. Սահակեան Եւ Հարպ` Տիտղոսակիր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Մարիանա Սահակեան (Նատուա Քամաթիէ), որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով (11-10, 11-9 եւ 11-6) յաղթեց Լեթիսիա Ազարի (Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա): Երրորդ դիրքը գրաւեցին Մէյսա Պսէյպես (Պէյրութ 1875) եւ Միրիամ Հապաշ (Նատուա Քամաթիէ): Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Այլ Տիտղոսի Մը

Լուսանկարը Տրամադրեց ԼԷԱ ԽԱԼԻՖԷ Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հիլ-Քլայմպ»-ի մրցումը, Պաապտաթի շրջանին մէջ` մասնակցութեամբ 32 ինքնաշարժներու: Ռմժէ Ֆըղալի տիրացաւ այլ տիտղոսի մը, երբ իր ինքնաշարժով` «Միթսուպիշի-Լենսըր-Էվօ-6», արձանագրեց 2' 44" 10 արդիւնք մը:

Ժիւտօ. Հայաստան Տիրացաւ 2 Պրոնզ Մետալի

Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքին Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ երկու պրոնզ մետալի: 55 քկ դասակարգին մէջ, Գասպար Հայրապետեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, մինչ նոյն դասակարգին մէջ Էրիք Յարութիւնեան գրաւեց 5-րդ դիրքը: Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալը ապահովողը եղաւ Գրիգոր Սահակեան` 90 քկ դասակարգին մէջ: Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 33 երկիրներէ 388 մարզիկներ:

Միհրան Յարութիւնեան Դարձեալ Պիտի Ենթարկուի Վիրաբուժութեան

2016-ի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան նախորդ շաբաթավերջին Մոսկուայէն մեկնեցաւ Լեհաստան, ուր վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի: Յարութիւնեան ըսաւ, թէ ինք լիայոյս է, որ պիտի ենթարկուի յաջող վիրաբուժութեան մը եւ քանի մը ամիս ետք վերսկսի իր փորձերուն: Նշենք, որ ան այս անգամ պիտի ենթարկուի ուսի վիրաբուժութեան: Ռիօ-2016-ի ողիմպիականէն ի վեր Յարութիւնեան հեռու է ամէն տեսակի ախոյեանութիւններէ եւ մրցաշարքերէ` նկատի ունենալով, որ ան...

Հայկական Ֆութպոլ. Արցախ – Աւան Ակադեմիա` 2-2

Նախորդ շաբաթավերջին Արցախ Երեւան նորաստեղծ ֆութպոլի ակումբը կատարեց ֆութպոլի իր հինգերորդ բարեկամական մրցումը` Աւան ակադեմիային դէմ: Հանքաւանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Արցախ նշանակեց իր երկու կոլերը` շնորհիւ Արմօ Ադամեանի: Արցախի մարզիչն է Տիգրան Եսայեան: Յառաջիկայ տարեշրջանին Արցախ եւ Աւան ակադեմիա, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան եւ Հայաստանի...

Թենիս. Փլիսքովա Գրաւեց Աղջկանց Միջազգային Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Քարոլինա Փլիսքովա Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց աշխարհի միջազգային նոր դասաւորումը: Աղջկանց դասաւորման մէջ, 25 տարեկան չեխ Քարոլինա Փլիսքովա առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց պարագլուխի դիրքը: Թէեւ ան Ուիմպըլտընի կրան շլեմի մրցաշարքին պարտութիւն կրեց Բ. հանգրուանին, սակայն յառաջխաղացք արձանագրեց` նկատի ունենալով, որ դասաւորման վերին դիրքերը գրաւողները պարտութիւններ կրեցին: Տղոց պարագային, Ուիմպըլտընի տիտղոսակիր, զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 5-րդ դիրքէն բարձրացաւ 3-րդ դիրք: Ռուսիան...

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Անգլիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Վրաստանի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը Անգլիոյ եւ Փորթուգալի միջեւ: Անգլիա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Մրցումին երեք կոլերն ալ նշանակուեցան Բ. կիսախաղին:

Պաքայոքօ Միացաւ Չելսիի

Ֆրանսացի միջնապահ Թիեմուէ Պաքայոքօ իր ակումբը` Մոնաքոն լքելով, միացաւ Անգլիոյ ախոյեան Չելսիի, որուն հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը լոնտոնեան կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 14 մարզաշապիկը: Պաքայոքօ, որ 2014-ին Ռեննէն միացաւ իշխանապետական կազմին, նախորդ տարեշրջանին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ու այլ մրցաշարքերու ընթացքին մասնակցեցաւ 51 մրցումի եւ նշանակեց 3 կոլ:

Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վաղը Կը Մեկնի Ապիճան

Մոհամետ Աուայտաթ Վաղը` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ապիճան (Փղոսկրեայ Ափունք) կը մեկնի լիբանանեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, որոնց բացման հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 21 յուլիսին: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի: Անոր կ՛ընկերակցի նաեւ պատուիրակութեան տնօրէն, նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ: 60 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այդ խաղերուն բացման...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Չկրցաւ Տիրանալ «Այ. Պի. Օ.»-ի Տիտղոսին

Արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, որ շաբաթ, 15 յուլիսին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ ճակատեցաւ անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ, չկրցաւ տիրանալ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին: 12 ռաունտնոց այս մենամարտին, 37 տարեկան Աբրահամ պարտուեցաւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 118-110, 118-110 եւ 120-108 արդիւնքով: Անգլիացի մարզիկը (27 տարեկան) այս ճակատումին աւելի արագ էր, ան սկիզբէն առաւելութիւն ունէր Աբրահամի վրայ, որուն ընտրած...

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Ֆետերերի Հաստատած Նոր Մրցանիշը. Աղջկանց Տիտղոսին Տիրացաւ Մակուրուցա

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ֆետերերի Հաստատած Նոր Մրցանիշը. Աղջկանց Տիտղոսին Տիրացաւ Մակուրուցա

Երէկ` կիրակի, 16 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը` 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի եւ խրուաթ Մարին Սիլիչի միջեւ (7-րդ): Ֆետերեր, որ արձանագրեց 6-3, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ առաջին թենիսմենը, որ 8-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, ինչ որ մրցանիշ կը նկատուի: Ան 11-րդ անգամն ըլլալով կը...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Երկրորդ` Սպանիոյ Մէջ

Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պարպերա օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ գրաւեց երկրորդ դիրքը: Ան արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն, 7 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Առանց պարտութիւն կրելու, Գրիգորեան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած հնդիկ` Շարմա Հիմանշուէն: 6,5 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Փերես Միթիանս Օրեվլիս (Սպանիա): Այս մրցաշարքին...

2024-ի Եւ 2028-ի Ողիմպիական Խաղերը` Փարիզի Եւ Լոս Անճելըսի Մէջ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ 2024-ի եւ 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն քաղաքները ընտրուեցան Փարիզը եւ Լոս Անճելըսը: Սակայն ցարդ յայտնի չէ, թէ ո՛ր քաղաքը ո՛ր ողիմպիականը պիտի ընդունի: Վերոնշեալ երկու քաղաքներէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Համպուրկ, Պուտափեշթ եւ Հռոմ: Խաղերու կայացման հերթականութեան վերջնական որոշումը պիտի տրուի 13 սեպտեմբերին, Լիմայի մէջ (Փերու) տեղի...

ՖԻՏԷ-Կրան-Փրի. Լեւոն Արոնեանի Վերջնական Արդիւնքը

Նախորդ շաբաթավերջին, Ժընեւի մէջ աւարտեցաւ ՖԻՏԷ-ի կրան-փրի ճատրակի երրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ճատրակ խաղացողներ: Մասնակցեցաւ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ այս մրցաշարքին ունէր ամէնէն բարձր վարկանիշը` 2809: 9 հանգրուան ընդգրկած այս մրցաշարքին, Արոնեան արձանագրելով 2 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն եւ կրելով 2 պարտութիւն, 4,5 կէտով բաժնեց 10-13-րդ դիրքերը: Տիտղոսին տիրացաւ ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապով, որ ապահովեց 6 կէտ:

Page 951 of 1277 1 … 950 951 952 … 1,277

Արխիւներ