Պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի ախոյեան Ահտ Քֆարհունայի մէջ կատարեց ֆութպոլի իր նոր դաշտին բացումը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Ամալ Ապու Զէյտ, Զիատ Ասուատ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Ահտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ակումբի նախագահ Թամիմ Սլէյմանի, յատուկ հրաւիրեալներու, մեծաթիւ համակիրներու եւ մարզական լրագրողներու:
Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն ետք բոլոր անոնք, որոնք խօսքեր արտասանեցին, քաջալերեցին Ահտի առած այս քայլը` նշելով, որ ատիկա կը նկատուի կարեւոր` ֆութպոլի մարզը աւելի եւս յառաջ տանելու համար:
Աւարտին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան վերոնշեալ անձերուն, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններու: