Ֆրանսացի միջնապահ Թիեմուէ Պաքայոքօ իր ակումբը` Մոնաքոն լքելով, միացաւ Անգլիոյ ախոյեան Չելսիի, որուն հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
22 տարեկան ֆութպոլիստը լոնտոնեան կազմին հետ պիտի կրէ թիւ 14 մարզաշապիկը:
Պաքայոքօ, որ 2014-ին Ռեննէն միացաւ իշխանապետական կազմին, նախորդ տարեշրջանին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ու այլ մրցաշարքերու ընթացքին մասնակցեցաւ 51 մրցումի եւ նշանակեց 3 կոլ: