Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ 2024-ի եւ 2028-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն քաղաքները ընտրուեցան Փարիզը եւ Լոս Անճելըսը: Սակայն ցարդ յայտնի չէ, թէ ո՛ր քաղաքը ո՛ր ողիմպիականը պիտի ընդունի:
Վերոնշեալ երկու քաղաքներէն բացի, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Համպուրկ, Պուտափեշթ եւ Հռոմ:
Խաղերու կայացման հերթականութեան վերջնական որոշումը պիտի տրուի 13 սեպտեմբերին, Լիմայի մէջ (Փերու) տեղի ունենալիք Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին 131-րդ համագումարին ընթացքին:
Մինչ այդ, Փարիզ եւ Լոս Անճելըս պէտք է իրարու հետ համաձայնութեան գան:
Երկու քաղաքներն ալ ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած են նախապէս. Փարիզ` 1900-ին եւ 1920-ին, իսկ Լոս Անճելըս` 1932-ին եւ 1984-ին:
Նշենք, որ 2020-ի ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ: