
Վաղը` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ապիճան (Փղոսկրեայ Ափունք) կը մեկնի լիբանանեան պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն, որոնց բացման հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 21 յուլիսին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի: Անոր կ՛ընկերակցի նաեւ պատուիրակութեան տնօրէն, նախարարութեան մարզական բաժանմունքի նախագահ Մոհամետ Աուայտաթ:
60 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք այդ խաղերուն բացման հանդիսութեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Յայտնենք, որ չորս տարի առաջ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած այս խաղերուն մասնակցեցան 90 երկիրներ:
Իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին Աուայտաթ ըսաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հետեւեալ մարզաձեւերուն. 23 տարեկանէն վար ողիմպիականի ֆութպոլի խումբ, աղջկանց պասքեթպոլ, աթլեթիզմ, ժիւտօ, հեծելարշաւ, փինկ փոնկ եւ այլն:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը բաղկացած է երկու բաժինէ. մարզական եւ մշակութային: