Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Պարպերա օփըն» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Ան արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն, 7 կէտով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Առանց պարտութիւն կրելու, Գրիգորեան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած հնդիկ` Շարմա Հիմանշուէն: 6,5 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց Փերես Միթիանս Օրեվլիս (Սպանիա):
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 92 ճատրակ խաղացողներ: