Նախորդ շաբաթավերջին, Ժընեւի մէջ աւարտեցաւ ՖԻՏԷ-ի կրան-փրի ճատրակի երրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 ճատրակ խաղացողներ:
Մասնակցեցաւ նաեւ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ այս մրցաշարքին ունէր ամէնէն բարձր վարկանիշը` 2809:
9 հանգրուան ընդգրկած այս մրցաշարքին, Արոնեան արձանագրելով 2 յաղթանակ, 5 հաւասարութիւն եւ կրելով 2 պարտութիւն, 4,5 կէտով բաժնեց 10-13-րդ դիրքերը:
Տիտղոսին տիրացաւ ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապով, որ ապահովեց 6 կէտ: