Մարզական

Պասքեթպոլի Եւրոպայի 20 Տարեկանէն Վար Տղոց Ախոյեանութիւն. Հայաստան Իր Մրցումներուն Սկսաւ Պարտութեամբ

Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը Ռումանիոյ Օրատէա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան սկսաւ պարտութեամբ: Հայրենի կազմը 95-69 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (21-25, 12-27, 16-29 եւ 20-14) Ֆինլանտայէն: Վիգէն Էսքիճեանի գլխաւորած խումբը, որ ընդգրկուած է Ա. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Պիելոռուսիան, Լեհաստանը եւ Պելճիքան: Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը...

Ըմբշամարտի Միջազգային Դասաւորում. Արթուր Ալեքսանեան` Երրորդ Դիրքին Վրայ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին («Եու. Տապըլիու. Տապըլիու.») հրապարակած յունահռոմէական ոճի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 98 քկ դասակարգին մէջ մնաց երրորդ դիրքին վրայ: Գիւմրեցի մարզիկը ետ կը մնայ քուպացի Եասմանի Քապրերայէն եւ պիելոռուս Ալեքսանտր Հրապովիքէն: Ռիօ-2016-ի փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան 66 քկ դասակարգին մէջ մնաց 7-րդ: Վնասուածքի պատճառով Յարութիւնեան ողիմպիական խաղերէն ետք որեւէ մրցում չկատարեց: 2016-ի Եւրոպայի...

«Ֆորմիւլա-1». «Մերսետես»-ի Յաղթանակը` Անգլիոյ Մէջ

Երէկ տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Անգլիոյ կրան փրին` Սիլվըրսթոնի վազքուղիին վրայ (52 լեփ): Այս կրան փրիին տիրապետեց «Մերսետես»` նկատի ունենալով, որ անոր երկու վարորդները գրաւեցին առաջին երկու դիրքերը: Անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն ապահովեց 25 կէտ` արձանագրելով 1 ժամ 21' 27" արդիւնք մը, մինչ անոր խմբակից Վալթերի Պոթաս (Ֆինլանտա) գրաւեց երկրորդ դիրքը` ապահովելով 18 կէտ (14" ուշ): Երրորդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի...

Փապլօ Այմար Մարզիչի Պաշտօն Ստանձնեց

Սպանական Վալենսիա ֆութպոլի խումբի նախկին միջնապահ Փապլօ Այմար նշանակուեցաւ Արժանթինի ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: 37 տարեկան Այմար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2015-ին: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան միջազգային 53 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ:  

Արթուր Աբրահամ. «Լաւ Պատրաստուած Եմ Այս Մենամարտին. Պէտք Է Տիրանամ «Այ. Պի. Օ.»-ի Գօտիին»

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ, անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ իր կատարելիք մենամարտէն առաջ, անցնող քանի մը օրերուն իր փորձերը շարունակեց կատարել Լոնտոնի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ այդ ճակատումը: Այդ փորձերուն ներկայ եղան նաեւ համակիրներ եւ լրագրողներ, յայտնեց «Թիմ Սաուըրլենտ»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը: «Պարզապէս կեդրոնացած եմ այս մենամարտին վրայ: Նպատակս յաղթական տուն...

ՖԻՊԱ – Ասիա-2017. Լիբանան.  Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

ՖԻՊԱ – Ասիա-2017. Լիբանան. Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, 8-20 օգոստոսին Լիբանան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ ՖԻՊԱ - Ասիա 2017-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը: Այս մրցաշարքին մաս կազմող 16 խումբերը բաժնուած են չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ: Մասնակցող խումբերն են. Ա. Խմբակ.- Իրան, Յորդանան, Սուրիա եւ Հնդկաստան: Բ. խմբակ. Իրաք, Չինաստան, Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Քաթար: Գ. խմբակ.- Ղազախստան, Լիբանան, Հարաւային Քորէա եւ Նոր...

«Չեմփիընզ-Լիկ». Ալաշկերտի Յաջորդ Մրցակիցը Կրնայ Ըլլալ Սլաւիա Փրակա

Երէկ Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Թէեւ ցարդ զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները չեն կատարուած, սակայն Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը ապահովելու պարագային իր դէմ պիտի ունենայ Սլաւիա Փրական (Չեխիա): Զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումին, Ալաշկերտ յաղթանակի համազօր 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պիելոռուսիոյ մէջ` ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ: Աբրահամ Խաշմանեանի...

Աթլեթիզմ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Թունուզ

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 15-18 յուլիսին Թունուզի մէջ տեղի ունենալիք արաբական աթլեթիզմի ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիակութիւնը մեկնեցաւ նշեալ երկիրը: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ֆիլիփ Պաժժանի, իսկ մարզիկներն են Ալի Հազեր, Շարլ Քարամ, Քիֆահ Մոհամետ, Ապտելրահիմ Ռայյես, Ժորժ Ղաֆարի, Ժոուի Պուլ Սլէյման եւ Նուրհան Քոշ: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցի նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ:  

Հայկ Գալստեան Հանդէս Եկաւ Շթութկարթի Հիմնական Կազմին Հետ

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, գերմանական Շթութկարթ ակումբը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տինամօ Տրեստընէն: Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին միջնապահ Հայկ Գալստեան, որ այս մրցումին Շթութկարթի հետ դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով: Շթութկարթ իր այս մրցումը կատարեց երկու տարբեր կազմերով: Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցող այս հաւաքին, 19 տարեկան Գալստեան արդէն իսկ նորամուտը նշեց անցնող շաբաթավերջին,...

Արցախ 3-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Իրանեան Խումբէն

Արցախ Երեւան ֆութպոլի ակումբը, որ յառաջիկայ տարեշրջանին հանդէս պիտի գայ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Եսայեանի հետ, կատարեց իր չորրորդ ֆութպոլի բարեկամական մրցումը` այս օրերուն Հայաստան գտնուող իրանեան Փարս Ժոնուպի Ժամ խումբին դէմ: Բանանց Երեւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, իրանեան ակումբը արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Նորաստեղծ Արցախ ֆութպոլի խումբը իր կատարած առաջին...

Հայկական Ֆութպոլ. Գանձասար-Կապան Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչ եւ այդ պաշտօնին վրայ պիտի փոխարինէ Աշոտ Բարսեղեանը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Փորձառու մասնագէտը նախապէս աշխատած է Ուլիսի, Ալաշկերտի, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականին եւ այլ խումբերու հետ: Գանձասար-Կապանի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հեռացած Աշոտ Բարսեղեան դարձաւ ակումբի գործադիր տնօրէնի խորհրդականը:

Ալեքսանտր Պետրոսեան Տեղափոխուեցաւ Արարատ

Գանձասար Կապանի նախկին ֆութպոլիստ Ալեքսանտր Պետրոսեան երէկ միացաւ Արարատ Երեւանի: 31 տարեկան յետսապահը, հանդիպելով ակումբին պատասխանատուներուն հետ, համաձայնութեան եկաւ խումբին հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Շուրջ շաբաթ մը առաջ, Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը հերքեց փոխանցման վերաբերող լուրերը եւ զանոնք որակեց` ապատեղեկատուութիւն:

Մեսսի Եւ Նէյմար Ճափոնի Մէջ Ներկայացուցին Պարսելոնայի Նոր Մարզաշապիկը

«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի յառաջապահներ Լիոնել Մեսսի եւ Նէյմար Թոքիոյի մէջ ներկայացուցին իրենց ակումբին նոր մարզաշապիկը, որուն վրայ քաթալոնական ակումբի նոր հովանաւոր ճափոնական «Ռաքութեն» ընկերութեան տարբերանշանը կայ: Շնորհահանդէսին մասնակցեցան նաեւ Ժերար Փիքէ եւ Արտա Թուրան: «Ռաքութեն» համացանցային առեւտուրով զբաղող աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է: Չորս տարուան պայմանագրութեան մը համաձայն, Պարսելոնա այս ընկերութենէն պիտի ստանայ 55 միլիոն եւրօ: Պարսելոնայի...

Պայէրն Միւնիխ Տեղափոխուելէ Առաջ. Խամես Ռոտրիկեզ Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի Հետ

Հակառակ անոր որ քոլոմպիացի միջազգային միջանապահ Խամես Ռոտրիկեզ 2 տարուան համար փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխի, սակայն ան, նախքան գերմանական կազմ տեղափոխուիլը, իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ երկարաձգեց մինչեւ 2019-ի ամառ: 26 տարեկան Խամես Ռոտրիկեզ 2017-ին միացաւ արքայական ակումբին` լքելով իր ակումբը` Մոնաքոն: Ռէալ Մատրիտ այս քայլին դիմեց, որպէսզի երկու տարի ետք չկորսնցնէ քոլոմպիացի մարզիկը, եթէ Պայէրի չուզէ անոր...

Այաքս Ամսթերտամի Միջնապահին` Նուրիի Վիճակը Բաւական Մտահոգիչ

Ինչպէս ծանօթ է, հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի միջնապահ Ապտելհաք Նուրի գրեթէ մահաքունի վիճակի մէջ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` փորձերու ընթացքին իր գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուելուն պատճառով: 20 տարեկան ֆութպոլիստին ուղեղը ծանրօրէն վնասուած է: Անոր եղբայրը` Ապտելրահիմ, լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Բժիշկները կ՛ըսեն, թէ անոր վիճակը ծանր է: Հաւանաբար, երբ ան գիտակցութեան գայ, չկարենայ խօսիլ, քալել, առանձինը ուտել, նոյնիսկ հաւանական է, որ...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ֆետերեր – Սիլիչ Աւարտական

Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ: 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 7-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք 11-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչի: Աւարտականին Ֆետերեր իր դէմ պիտի ունենայ 7-րդ դասուած խրուաթ Մարին Սիլիչը, որ յաղթեց ամերիկացի Սեմ Քուերէյի (24-րդ)` 6-7, 6-4, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով:

Եուրի Ճորքայեֆ. «Յառաջիկայ Տարեշրջանը Շատ Յաջող Պիտի Ըլլայ Հենրիխ Մխիթարեանի Համար»

«Նկատի առնելով, որ Հենրիխ Մխիթարեան մեծ վստահութեամբ աւարտեց նախորդ տարեշրջանը, լիայոյս եմ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ան պիտի ըլլայ բարձունքի վրայ», յայտարարեց աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Եուրի Ճորքայեֆ: «Հենրիխ Մխիթարեանի ընտանիքը կը ճանչնամ հինէն: Մենք միշտ իրարու հետ կապի մէջ ենք: Անոնք շատ լաւ մարդիկ են եւ անոնց յաճախ կը հանդիպիմ Հայաստանի մէջ: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ հայերը քիչ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. 2017-2018 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւներուն Եւ Մրցաշարքներուն Վիճակաձգութիւնը

Լուսանկարը տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ կատարեց լիբանանեան ֆութպոլի 2017-2018 տարեշրջանի տարբեր դասակարգերու ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: Այժմ յստակացած են իրարու դէմ ճակատող խումբերը: Մրցումներուն վայրերն ու թուականները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ: Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ամալ Մաարաքէն: Բ. հանգրուան հասնելու...

Քախիա. «Բոլորին Զօրակցութիւնը Կ՛ուզենք Ասիա-2017-ն Յաջողցնելու Համար»

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Ասիա-2017-ի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 8-20 օգոստոսին` Լիբանանի մէջ: Քախիա յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային խումբին յաջողութեան գլխաւոր բանալիներն են անոր համակիրները եւ մարզական լրագրողները, որոնք կը հանդիսանան 6-րդ մարզիկը: Ապա ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց այս մրցաշարքը լաւապէս հիւրընկալելու համար...

Ըմբշամարտ. Դասաւորում. Հայրենի 3 Ըմբիշները Պահեցին Իրենց Դիրքերը

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորումին մէջ, Հայաստանի 3 ներկայացուցիչները մնացին իրենց դիրքերուն վրայ: 61 քկ դասակարգին մէջ, Վոլոդիա Ֆրանգուլեան 12-րդ դիրքը` կը գրաւէ, Գրիգոր Գրիգորեան (74 քկ)` 10-րդ, իսկ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ)` 6-րդ:

Page 952 of 1277 1 … 951 952 953 … 1,277

Արխիւներ