Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ ինք մտադիր չէ փոխել իր ակումբը, սակայն պէտք է ընդունիլ այն իրականութիւնը, որ իրեն համար բաւական դժուար պիտի ըլլայ խումբին մէջ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առնուիլը:
28 տարեկան կալեսցի միջազգային մարզիկը ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի առաջին 11-ին մաս կազմէ:
Նախորդ տարեշրջանին Պէյլ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ բազմաթիւ մրցումներէ: Ան 19 մրցումի մասնակցելով նշանակեց 7 կոլ եւ կատարեց 2 կոլի փոխանցում: