Նախորդ շաբաթավերջին Արցախ Երեւան նորաստեղծ ֆութպոլի ակումբը կատարեց ֆութպոլի իր հինգերորդ բարեկամական մրցումը` Աւան ակադեմիային դէմ:
Հանքաւանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով:
2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Արցախ նշանակեց իր երկու կոլերը` շնորհիւ Արմօ Ադամեանի:
Արցախի մարզիչն է Տիգրան Եսայեան:
Յառաջիկայ տարեշրջանին Արցախ եւ Աւան ակադեմիա, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան եւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին: