ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ արաբական 6 երկիրներ հաւաքական նամակ մը ուղարկած են ՖԻՖԱ-ին` պահանջելով Քաթարը զրկել 2022-ի մոնտիալը հիւրընկալելու իրաւունքէն:
Այդ երկիրները ՖԻՖԱ-ին զգուշացուցած են համակիրներուն սպառնացող վտանգէն, եթէ մոնտիալը տեղի ունենայ Քաթարի մէջ, որ կը նկատուի ահաբեկչութեան վայր մը:
5 յուլիսին, արաբական 6 երկիրներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Եմէն եւ Լիպիա, որոշեցին իրենց դիւանագիտական կապերը խզել Քաթարի հետ: Աւելի ուշ անոնց միացան նաեւ այլ երկիրներ:
2022-ի մոնտիալին համար թուական ճշդուած է 21 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբեր 2022-ը: