Արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, որ շաբաթ, 15 յուլիսին Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ ճակատեցաւ անգլիացի Քրիս Եուպենք Ժունիորի դէմ, չկրցաւ տիրանալ «Այ. Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին:
12 ռաունտնոց այս մենամարտին, 37 տարեկան Աբրահամ պարտուեցաւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով` 118-110, 118-110 եւ 120-108 արդիւնքով:
Անգլիացի մարզիկը (27 տարեկան) այս ճակատումին աւելի արագ էր, ան սկիզբէն առաւելութիւն ունէր Աբրահամի վրայ, որուն ընտրած պաշտպանողական մարտավարութիւնը այս անգամ չտուաւ սպասուած արդիւնքը:
Այսպիսով, Աբրահամ, որ իր 52-րդ մենամարտը կատարեց արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, կրեց 6-րդ պարտութիւնը: Իսկ Եուպենք, որ կատարեց իր 26-րդ մրցումը, արձանագրեց իր 25-րդ յաղթանակը:



