Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի 3 Մարզիկով

Հայաստանի հաւաքականի մարմնամարզիկներ Արթուր Դաւթեան, Վահագն Դաւթեան եւ Յարութիւն Մերտինեան, 2-8 հոկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան յայտնեց, որ վերոնշեալ երեք մարզիկները 16-17 սեպտեմբերին պիտի մեկնին Փարիզ (Ֆրանսա), ուր տեղի պիտի ունենայ աշխարհի բաժակի զտումի մրցաշարքը, ապա միացեալ հաւաք մը պիտի կատարեն Ֆրանսայի եւ Չինաստանի խումբերուն հետ:

«Չեմփիընզ Լիկ». Տիգրան Բարսեղեանի Կոլը Վարտարին Օգնեց Հասնիլ Գ. Հանգրուան

Մակեդոնական Վարտար «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումին, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր հիւրին` Մալմաոյին (Շուէտ), յաջողեցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի իր տոմսը: Յաղթական խումբին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Տիգրան Բարսեղեան` 61-րդ վայրկեանին: Վարտարի հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ նաեւ յետսապահ Յովհաննէս Համբարձումեան: Երթին երկու կազմերը իրարմէ բաժնուած էին 1-1 հաւասարութեամբ:

Հենրիխ Մխիթարեան Հանդիպեցաւ Քարմելօ Անթոնիի Հետ

Լոս Անճելըսի մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ հաւաք կատարող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ («Եու. Սի. Էլ. Էյ.») հանդիպեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղ Քարմելօ Անթոնիի եւ ամերիկահայ երեխաներու հետ: Անթոնի 2011-2017 ժամանակամիջոցին ելոյթ ունեցաւ Նիւ Եորք Նիքսի հետ: Ան այժմ ազատ գործակատարի կարգավիճակին մէջ է:

Հեծելարշաւ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Էտկար Ստեփանեան` 10-րդ

Փորթուգալի Անատիա քաղաքին մէջ նախանցեալ օր սկիզբ առաւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը: 4 քմ մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչը` Էտկար Ստեփանեան, գրաւեց 10-րդ դիրքը: Ան պիտի մասնակցի նաեւ այլ մրցումի մը:

Չելսի Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Քոնթէի Հետ

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ երկու տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր մարզիչին` Անթոնիօ Քոնթէի հետ: Իտալացին նախորդ տարեշրջանին` իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ տարին, իր խումբին հետ հանդիսացաւ ախոյեան: Ասկէ բացի, 47 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտին` աշխատավարձը բարձրացաւ 50 տոկոսով եւ հասաւ 9 միլիոն սթերլինկի: Անգլիոյ ախոյեանը, որ այժմ ասիական շրջապտոյտի մը նախաձեռնած է, Չինաստանի եւ Սինկափուրի մէջ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ...

Նէյմար Ընդունեց Փարիզ Սեն Ժերմենի Առաջարկը

Պրազիլական «Էսփորթէ Ինթերաթիւօ» մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար ընդունեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի կողմէ ներկայացուած առաջարկը եւ պիտի հեռանայ քաթալոնական ակումբէն: Ինչպէս ծանօթ է, ձեռք ձգելու համար Նէյմարը, մայրաքաղաքի կազմը` Սեն Ժերմեն, համաձայն է վճարելու 222 միլիոն եւրօ, ինչ որ կը կազմէ ֆութպոլիստին հրաժարագինը: Նշուեցաւ նաեւ, որ 25 տարեկան Նէյմար նաեւ պիտի ստանայ բաւական կոկիկ աշխատավարձ մը:...

«Ֆորպս». Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Մարզական Ակումբները

Ամերիկեան «Ֆորպս» ընկերութիւնը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն սուղ մարզական ակումբներուն ցանկը: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկեան ֆութպոլի Տալաս Քաուպոյզ ակումբը, որուն արժէքը կը գնահատուի 4,2 միլիառ ամերիկեան տոլարով: Մէկ տարուան ընթացքին ակումբին գինը բարձրացաւ 5 տոկոսով: Երկրորդ դիրքին վրայ է պէյսպոլի Նիո Եորք Եանքիզ ակումբը (3,5 միլիառ ամերիկեան տոլար): Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ` Մանչեսթըր Եունայթըտ (3,69 միլիառ): Առաջին հինգին մէջ են...

Մայքըլ Էսիենի Կինը Գնեց Իտալական Ակումբ Մը

Իտալական Քոմօ ֆութպոլի ակումբի նոր սեփականատէրը դարձաւ կանացի հանրածանօթ ֆութպոլիստ Մայքըլ Էսիենի կինը: Աքոսուա Փունի աճուրդով ակումբը գնած է 237 հազար եւրոյի: Վերջին շրջանին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգին մաս կազմող Քոմօ սնանկացած է: Չելսիի, Ռէալ Մատրիտի եւ Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ Էսիեն այժմ մաս կը կազմէ Փերսիպ Պանտունկի (Ինտոնեզիա):

2016-2017 Տարեշրջանին.  Պարսելոնայի Եկամուտը` 708 Միլիոն Եւրօ

2016-2017 Տարեշրջանին. Պարսելոնայի Եկամուտը` 708 Միլիոն Եւրօ

Սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ 2016-2017 տարեշրջանին Պարսելոնայի եկամուտը կազմեց 708 միլիոն եւրօ, ինչ որ ակումբին պատմութեան մէջ կը նկատուի նոր մրցանիշ մը: 24,5 տոկոսով նուազած է նաեւ Պարսելոնայի տուրքերուն պարտքը, որ կը կազմէ 247 միլիոն եւրօ: Կը կարծուի, որ 2021-ին Պարսելոնայի եկամուտը պիտի ըլլայ մէկ միլիառ եւրօ:

Սպանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ձերբակալուեցաւ

«Մարքա» հաղորդեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Անխել Մարիա Վիլիար եւ անոր զաւակը ձերբակալուեցան ոստիկանութեան կողմէ: 67 տարեկան Վիլիարի հետ ձերբակալուեցան նաեւ ֆետերասիոնին կարգ մը անդամները: Կաշառակերութեան, կեղծ փաստաթուղթերու, աւելորդ ծախսերու եւ այլ օրինախախտումներու մէջ կասկածներ կան ձերբակալուածներուն շուրջ: 2015-ին Վիլիար նմանօրինակ հարցեր դիմագրաւած էր նաեւ, երբ մաս կը կազմէր ՖԻՖԱ-ին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին: Վիլիար, որ Սպանիոյ ֆութպոլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 90-79

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Մութթահետ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 19 յուլիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Մութթահետի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ (Ժիպէյլ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 49-48 արդիւնքով...

Հեծելարշաւ. Յովսէփ Գանլըճեան Հանդիսացաւ Փոխախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2017-ի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը` Զաարուրէն Պասքինթա, մասնակցութեամբ 35 հեծելանւորդներու, որոնք կը ներկայացնէին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 8 ակումբներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու խումբերը: Երիտասարդներու դասակարգին մէջ (90 քմ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող Յովսէփ Գանլըճեան հանդիսացաւ փոխախոյեան` արձանագրելով 2 ժամ 55' 25" արդիւնք մը: Ան միայն 3 երկվայրկեանով ուշ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Հայաստանի Ախոյեան Ալաշկերտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումը երէկ բաւական անյաջող եղաւ Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտի համար` նկատի ունենալով, որ հայրենի կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Պիելոռուսիոյ ախոյեան ՊԱԹԷ Պորիսովէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած կազմը, որ երթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր իր դաշտէն դուրս, չկրցաւ շրջանցել այս հանգրուանը եւ հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին: Թէեւ Ուրոս Նենատովիչ...

Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարքի Զտումներ. Լիբանանի Ողիմպիական Խումբը Դուրս Մնաց

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ 23 տարեկանէն վար ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ողիմպիական խումբը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Յաղթական խումբը կասկածելի փենալթիով մը 83-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը: Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան այժմ առանց ոչ իսկ մէկ կէտի կը գրաւէ երրորդ դիրքը` վերջին դիրքը գրաւող...

Արաբական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ահտի Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Երէկ` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Ահտի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արաբական ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանանի ախոյեան Ահտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Զամալեքը (Եգիպտոս), Նասըրը (Սէուտական Արաբիա) եւ Ֆաթըհ Ռիատին (Մարոք): Երեք խմբակներու առաջին դիրքը գրաւողները, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երկրորդ դիրքը գրաւողը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Կիրակի օր ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Ահտ...

Պասքեթպոլ. 2019-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը սկսաւ նախապատրաստուիլ 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան, որուն զտումի մրցումները կը սկսին 2 օգոստոսին: Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Պաւցեւիչ հաւաքին հրաւիրեց հետեւեալ մարզիկները. Ամիրան Ամիրխանով (Ուրարտու, Հայաստան), Քրիս Եանքու Օսկիեան (Սակարիա պասքեթ, Թուրքիա), Կարէն Չիւիչեան (Այտահօ Պենկալս, Միացեալ Նահանգներ), Ռայըն Պոաթրայթ (Ցետեւիդա, Խրուաթիա), Ալպերթ Թադէոսեան (առանց ակումբի), Էլըն Հես (Պալ Սթարվինկզ,...

Արտեոմ Սիմոնեան Տեղափոխուեցաւ Պիելոռուսիա

Զուիցերիական Ֆ. Ք. Ցիւրիխի միջնապահ Արտեոմ Սիմոնեան յառաջիկայ տարեշրջանի առաջին կիսուն մաս պիտի կազմէ Մինսքի (Պիելոռուսիա) Քրումքաչի ակումբին: Ֆ. Ք. Ցիւրիխ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի թեկնածուն մինչեւ նոյեմբեր 2017 փոխ պիտի տրուի պիելոռուսական ակումբին: Նախորդ տարեշրջանին 22 տարեկան Սիմոնեան փոխ տրուած էր Լէ Մոնի (Զուիցերիա): Պէտք է նշել, որ վերջերս ան փորձառական շրջան մը կ՛անցընէր Վինթերթուրի հետ, որ մաս...

Մանչեսթըրի Երկրորդ Յաղթանակը, Մխիթարեանի Երկրորդ Կոլը

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր կատարած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկրորդ մրցումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Մէյճըր լիկ»-ի կազմերէն Ռէալ Սոլթ Լէյքը: Այս մրցումին անգլիական կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (29-րդ): Լէյքի կոլը նշանակեց Լուիս Սիլվա (23-րդ), իսկ Եունայթըտի յաղթանակի կոլը` Ռոնելու Լուքաքու (38-րդ): Նշենք, որ մրցումին 67-րդ վայրկեանին...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Նէյմարի Համար Կ՛առաջարկէ 222 Միլիոն Եւրօ

Միջազգային մամուլին համաձայն, Փարիզ Սեն Ժերմեն ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ իր կազմին միացնելու Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է անոր ակումբին վճարելու 222 միլիոն եւրօ: Ֆութպոլիստին գործակատարն ու բարեկամները կը կարծեն, որ Նէյմար պէտք է ամէն գնով լքէ եւ հեռանայ Պարսելոնայէն, որպէսզի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի շուքէն դուրս գայ: Պարսելոնայի հետ Նէյմարի գործող պայմանագրութիւնը...

Պարսելոնա Վերաթթիի Համար Կ՛առաջարկէ 65 Միլիոն Եւրօ Եւ…

Պարսելոնա կը շարունակէ աշխատանք տանիլ իր կազմին միացնելու Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Մարքօ Վերաթթին: Քաթալոնական ակումբը իտալացի ֆութպոլիստին համար 65 միլիոն եւրոյէն բացի կ՛առաջարկէ խրուաթ միջնապահ Իվան Ռաքիթիչի մեկնումը` հակառակ ուղղութեամբ: Թէեւ Ռաքիթիչ նպատակ չունի հեռանալու Պարսելոնայէն, սակայն վերջինս կ՛ուզէ անոր մեկնումը: Ռաքիթիչ եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Ունայ Էմերի անցեալին եղած են միասին, երբ մաս կը կազմէին Սեւիլլայի:

Page 950 of 1277 1 … 949 950 951 … 1,277

Արխիւներ