Նախորդ շաբաթավերջին Հուփսի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` Կոթըպըրկի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու համար պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 80 երկիրներու 1400 խումբեր:
Հուփս իր մասնակցութիւնը կը բերէ երեք դասակարգերու մէջ` 2004, 2005 եւ 2006: Հուփսի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Մահմուտ Ապպաս: