Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքին Հայաստան յաջողեցաւ տիրանալ երկու պրոնզ մետալի:
55 քկ դասակարգին մէջ, Գասպար Հայրապետեան տիրացաւ պրոնզ մետալի, մինչ նոյն դասակարգին մէջ Էրիք Յարութիւնեան գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալը ապահովողը եղաւ Գրիգոր Սահակեան` 90 քկ դասակարգին մէջ:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 33 երկիրներէ 388 մարզիկներ: