Երէկ` կիրակի, 16 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը` 3-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի եւ խրուաթ Մարին Սիլիչի միջեւ (7-րդ):
Ֆետերեր, որ արձանագրեց 6-3, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ առաջին թենիսմենը, որ 8-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, ինչ որ մրցանիշ կը նկատուի:
Ան 11-րդ անգամն ըլլալով կը հասնէր այս մրցաշարքի աւարտականին:
35 տարեկան Ֆետերեր, որ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր 19-րդ կրան շլեմի տիտղոսին, երէկուան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 1 ժամ եւ 41 վայրկեանի ընթացքին:
Միւս կողմէ, 28 տարեկան Սիլիչ այս մրցաշարքին առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր աւարտականին: Ան տիրացած է միայն մէկ կրան շլեմի տիտղոսի, այդ ալ` 2014-ին, «Եու. Էս. Օփըն»-ին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, անիկա վերջ գտաւ 14-րդ դասուած սպանացի Կարպին Մակուրուցայի յաղթանակով: Ան 7-5 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 10-րդ դասուած ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմզին:
Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 17 վայրկեան:
Ծնունդով վենեզուելացի 23 տարեկան Մակուրուցա իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 2-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանար կրան-շլեմի մրցաշարքի մը տիտղոսին: