Անգլիական Լիվըրփուլ ակումբին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ իր կազմին կատարած փորձերուն ընթացքին ինքզինք անհանգիստ զգացած է եւ այդ պատճառով ալ փոխադրուած է հիւանդանոց:
Ան հիւանդանոցին մէջ ենթարկուած է յատուկ քննութիւններու, որպէսզի յստականայ, թէ արդեօք ունի՞ առողջական որեւէ հարց:
Նշուեցաւ, որ 50 տարեկան մարզիչը ներկայ պիտի ըլլայ այս շաբաթավերջին Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Փրեմիեր լիկ»):


