15-19 նոյեմբերին Պարսելոնայի մէջ տեղի կ՛ունենայ համալսարաններու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի չորս ծագերէն 82 երկիրներու 76 համալսարաններ:
Այդ համալսարաններուն կարգին է նաեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը, որ Պարսելոնայի մէջ պիտի ըլլայ Լիբանանի միակ ներկայացուցիչը:
Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Ափրիկէէն մասնակցողներուն ընդհանուր թիւը պիտի ըլլայ 5200 մարզիկ:
Սեն Ժոզեֆ համալսարանը պիտի մասնակցի հետեւեալ մարզաձեւերուն. պասքեթպոլ (տղաք), ֆութսալ (աղջիկներ), վոլիպոլ (աղջիկներ), պետմինթոն եւ մարզական պատ:
Իր ունեցած միջազգային փորձառութեան շնորհիւ կը կարծուի, որ Սեն Ժոզեֆ համալսարանը Սպանիոյ մէջ պիտի արձանագրէ լաւ արդիւնքներ: