Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 12 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնը:
Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս մարաթոնին լիբանանցի 31 տարեկան կոյր վազող Ռապիհ Ժամմալ յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել, երբ, գլխաւոր մարաթոնին (42 քմ) վազեց` ընկերակցութեամբ` Մարի Քլեյանիի:
«14 տարիէ ի վեր կ՛երազէի այս փափաքս իրականացնել: Վերջապէս, 15-րդ տարին յաջողեցայ երազս ի վերջոյ յաջողցնել», ըսաւ Ժամմալ` «Տէյլի Սթար»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
2014-ին յորդանանցի Սուհէյլ Նաշնաշ հանդիսացաւ առաջին կոյր վազողը, որ մասնակցեցաւ Պէյրութի մարաթոնի գլխաւոր մրցումին:
Իսկ Քլեյանի ըսաւ. «Ժամմալին ըսի, որ եթէ կ՛ուզես վազել, ես պատրաստ եմ քեզի ընկերակցելու: Լաւագոյն ձեւը` վազելու համար կոյրի մը հետ, անոր վստահութիւն ներշնչելն է: Երբ ան քեզի կը վստահի, հետդ կը վազէ: