Զուիցերիայի թենիսմեն Ռոժէ Ֆետերեր, տարուան ամփոփիչ մրցաշարքին իր արձանագրած երկրորդ յաղթանակին շնորհիւ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացին իր պարգեւավճարներուն ընդհանուր գումարը հասցուց 110 միլիոն 235 հազար 682 միլիոն ամերիկեան տոլարի եւ անհատական մարզաձեւերուն մէջ այս ցուցանիշով բարձրացաւ առաջին դիրք` գերազանցելով կոլֆի վարպետ Թայկըր Վուտծը, որ շահած է 110 միլիոն 61 հազար 12 ամերիկեան տոլար:
Ֆետերեր 1998-էն ի վեր կը մասնակցի «Էյ. Թի. Փի.»-ի մրցաշարքերուն, որոնց ընթացքին տիրացած է 95 տիտղոսներու, ներառեալ` 19 կրան շլեմներ, ինչ որ կը նկատուի մրցանիշ մը: