2018-ի մոնտիալին մասնակցող վերջին խումբը հանդիսացաւ Փերու, որ Նոր Զելանտայի դէմ իր կատարած փլէյ-օֆի մրցումին, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լիմայի մէջ:
Երկու կազմերուն միջեւ երթին արձանագրուեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Փերուի մարզիկները իրենց արձանագրած այս յաղթանակէն ետք կատարեցին մեծ տօնախմբութիւն` նկատի ունենալով, որ խումբը վերջին անգամ մոնտիալին մասնակցած էր 1982-ին:
Այլ գետնի վրայ, Փերուի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կը խոստանայ մօտիկ ապագային այդ առիթով ազգային արձակուրդի օր մը ճշդել:
Հարաւային ամերիկեան ՖԻՖԱ-ի դասաւորման մէջ Փերու, որ դասուած է 10-րդ, պիտի յայտնուի երկրորդ զամբիւղին մէջ, երբ 1 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենայ 2018-ի մոնտիալի աւարտականի ճակատումներուն վիճակաձգութիւնը: