Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, «Սփորթց Աւենիու»-ի դաշտերուն վրայ (Հազմիէ) սկսաւ Պանքոյի մինի ֆութպոլի մրցաշարքը` 16 ընկերութիւններու եւ դրամատուներու միջեւ:
Այդ 16 խումբերը, որոնք բաժնուեցան չորս խմբակի, հետեւեալներն են.
«Ֆըրսթ Նեշընըլ», «Քրետիթ», «Իհթիմատ Լուպնանի», «Ֆրանսապանք», «Սոսիեթէ Ժեներալ» (դրամատուներ), «Էֆ. Թիմ.», «Էռնեսթ Էնտ Եանկ», «Լիպան Քապըլ», «Ալֆա», «Աութ-տոր», «Միթսուլիֆթ», «Էմ. Թի. Վի.», «Էլիանես Սանա», «Անիուն Կորիթիմ», «Ֆիթնըս Զոն» եւ «Խուրի Ինթըրփրայզ» (ընկերութիւններ):
Մրցումները տեղի կ՛ունենան բաւական մեծ հետաքրքրութեամբ` մասնակցող խումբերուն միջեւ, կը յայտնէ կազմակերպիչ ընկերութիւնը: