Լիբանանէն փինկ փոնկի պատուիրակութիւն մը երէկ մեկնեցաւ Նիկոսիա (Կիպրոս)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Կիպրոսի փինկ փոնկի միջազգային մրցաշարքին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի Ֆետերասիոնի հաշուապահ Միշել Ռըզքալլա, ֆետերասիոնի անդամ Նաժի Հալլալ պատասխանատուն է, իսկ մարզիկներն են Ղալեպ Ֆահըս, Հասան Շըպիպ, Ալեք Տըրզի, Լեթիսիա Ազար, Ճենիֆըր Խայեաթ, Քլարա Շըլելա (18 տարեկանէն վար), Սաատէտտին Հապաշ, Մոհամետ Հապաշ, Թալիա Ազար եւ Միրիամ Հապաշ (15 տարեկանէն վար):