Մարզական

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Ներողութիւն Խնդրեց Եւ Հրաժարեցաւ

«Կը ներէ՛ք, ես կը հեռանամ, որովհետեւ ձախողեցայ: Բոլոր իտալացիներէն ներում կը հայցեմ: Իտալական ֆութպոլը պէտք է նոր դարաշրջան մը մտնէ», յայտարարեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քարլօ Թաւեքիօ, որ այսպիսով եկաւ պաշտօնապէս ներկայացնելու իր հրաժարականը: Սակայն 74 տարեկան Թաւեքիօ անդրադառնալով 2016-ին Ճիամփիեռօ Վենթուրայի ազգային խումբի մարզիչ նշանակուելուն ըսաւ, թէ ինք չէր, որ ընտրած էր Վենթուրան, այլ ազգային խումբի նախկին մարզիչ Մարչելլօ...

Պասքեթպոլ. Տուպայի Միջազգային Մրցաշարքին Մասնակցող Խումբերուն Թիւը Ցարդ 10 Է

18-25 յունուար 2018-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքը: Մրցաշարքին կազմակերպիչները նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեցին, թէ ցարդ 10 խումբեր պաշտօնապէս հաստատած են, որ պիտի մասնակցին անոր: Այդ տասը խումբերն են` Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբը, Ահլի (Եգիպտոս), Զամալեք (Եգիպտոս), Ռիատի Պէյրութ (Լիբանան), ՀՄԸՄ (Լիբանան), Սալա (Մարոք), Նասըր (Լիպիա), Սաժես (Լիբանան), Իրաքի ոստիկաններու խումբը (Իրաք), Մանամա (Պահրէյն), Ռամալլա...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Նուիրուած Բաժակի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 75 Հեծելանւորդներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կիրակի, 19 նոյեմբերին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին նուիրուած բաժակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 75 մարզիկներ` մասնակցելով կրտսերներու (16 տարեկանէն վար), երիտասարդներու (17-18 տարեկան), մեծերու (19 տարեկանէն վեր) եւ մասթըրզի (40 տարեկանէն վեր) դասակարգերու մրցումներուն: Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ զգալիօրէն այս բաժակի մրցումէն բացակայեցան անկարգելաւոր մարզիկները: Ոչ արհեստավարժներու (սիրողական)...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Թոթենհամ. Վաղը` Եուվենթուս – Պարսելոնա

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի կատարուին ութական մրցումներ: Ը. խմբակին մաս կազմող Պորուսիա Տորթմունտ, որ ցարդ կրցած է միայն 2 կէտ ապահովել առաւելագոյն 12 կէտէն, պիտի հիւրընկալէ իր խմբակին (Ը. խմբակ) պարագլուխի դիրքը գրաւող Թոթենհամը, որ ունի 10 կէտ: Պարտութիւն մը եւս կրելու պարագային, գերմանական ակումբը հրաժեշտ պիտի տայ մրցաշարքին:...

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Տղոց Ազգային Հաւաքականը Կը Պատրաստուի

23 նոյեմբերին կը սկսին Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականը: Նիքշա Փաւցեւիչի գլխաւորած խումբին 14 մարզիկները այժմ կը գտնուին Դաւթաշէնի Ողիմպիական աւանին մէջ, ուր կը պատրաստուին այս ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: Հայրենի կազմը իր խմբակին մէջ ունի Ալպանիան եւ Դանիան: Հայկական խումբը 23 նոյեմբերին Թիրանայի մէջ իր առաջին մրցումը կը կատարէ Ալպանիոյ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթական. Սթեֆըն Քարի Նշանակեց 39 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան վեց մրցումներ: Սթեֆըն Քարի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրն էր Պրուքլին Նեթցի, 118-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 39 կէտ: Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 127-109 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին: Լէյքըրզէն, թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Լոնզօ Պոլ (11 կէտ, 16 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Թորոնթոյի մէջ, Ռեփթըրզ...

Սուսերամարտ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Եանա Եգորեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Եանա Եգորեան (աջին) Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան Եանա Եգորեան պրոնզէ մետալի մը տիրացաւ Պելճիքայի մէջ աւարտած սուսերամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին: Ռուսիոյ հաւաքականին յառաջատարը երրորդ դիրքը գրաւեց` հասնելով մինչեւ կիսաւարտական ուր սակայն պարտուեցաւ ուքրանացի Օլկա Քարլենէն: Վերջինս, որ աւարտականին մրցեցաւ իտալացի Ռոսելլա Կրեկորիոյի դէմ, տիրացաւ ոսկի մետալին: Երկրորդ պրոնզէ մետալը բաժին ինկաւ Իտալիան ներկայացնող Իրեն Վեչիին: Այստեղ պէտք է նշել, որ...

Կռփամարտ. Պատմութեան Ամէնէն Կարճ Մենամարտը

Հարաւային ափրիկեցի Զոլանի Թեթէ արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն դասակարգին մէջ մինչեւ 53,5 քկ աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը պաշտպանեց... միայն մէկ հարուածով: Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ տեղի ունեցած այս մենամարտին ան նաք-աութի ենթարկեց իր ազգակիցը` Սիպոնիսօ Կոնիան: Այս մենամարտը տեւեց միայն 11 երկվայրկեան, մինչեւ Թեթէի տուած հարուածը: Պոքսինկսքեն կը յայտնէ, որ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար կատարուած այս մենամարտը կռփամարտի պատմութեան մէջ...

Ռամոս Շուրջ 10 Օր Պիտի Բացակայի

«Մարքա» յայտնեց, որ Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումին իր քիթէն վնասուածք ստացաւ, շուրջ 10 օր պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Ռամոս, որ վիրաբուժութեան պիտի չենթարկուի, 10 օր վերջ, երբ դաշտ ներկայանայ, իր դէմքին դրած պիտի ըլլայ յատուկ պաշտպանող դիմակ մը:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Չորրորդ Պարտութիւնը

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 8-րդ հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Մապարրայի դէմ, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց: Ասիկա եղաւ ՀՄԸՄ-ի չորրորդ պարտութիւնը այս տարեշրջանին` արձանագրուած 2 յաղթանակներուն եւ 2 հաւասարութիւններուն կողքին: Մրցակից կազմը 25-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կոլը փենալթիով` շնորհիւ Մուսթաֆա Շահինի, եւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-0...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիբանանի Եւ Արաբական Աղջկանց Ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի Տպաւորիչ Յաղթանակը

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը երէկուան մրցումինԼուսանկարը Տրամադրեց ՃՕ ՇԱՄԱԱ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը: Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի եւ Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի տպաւորիչ եւ մեծ յաղթանակով: Ան 40 կէտի տարբերութեամբ` 91-51 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Անդրանիկ Պէյրութի (23-11, 16-14, 26-14...

Ֆութսալ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տպաւորիչ Ձեւով Սկսաւ 2017-2018 Տարեշրջանը

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը իր առաջին մրցումը կատարեց Ահլի Սայտայի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սայտայէն վերադարձաւ երեք կէտով` այդտեղ նոր տարեշրջանը տպաւորիչ ձեւով սկսելէ եւ 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը (կիսախաղ` 2-2) արձանագրելէ ետք: Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն մօտ զգալի եղաւ պայքարի...

Նըժմէ Այսօր Պիտի Գումարէ Յատուկ Ժողով Մը

Այսօր` երկուշաբթի, 20 նոյեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Նըժմէ իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի գումարէ յատուկ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ խումբի մարզիչ Ժամալ Հաժի պաշտօնազրկումին կամ անոր տալիք հրաժարականին հարցը: Նախորդ շաբաթավերջին խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքները շարունակուեցան, երբ անիկա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սալամ Զղարթայէն, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ կատարուած մրցումին ընթացքին: Նըժմէ, որ այսպիսով...

Թրիաթլոն. Զըղպի Եւ Նատեր Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 19 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը, Մանարայի շրջանին մէջ գտնուող զինուորական ակումբին մէջ` մասնակցութեամբ աւելի քան 50 մարզիկներու, տարբեր դասակարգերու մէջ: Լիբանանեան բանակի հրամանատարին ներկայացուցիչն էր հազարապետ Կապրիէլ Սանեհ, ինչպէս նաեւ ներկայ էր Արաբական Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Մըհտի Մունիֆ: Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ, հանգստեան կոչուած զօրավար Մահմուտ Տիպ շնորհաւորելով բոլորը...

Ֆիտէ-Կրան Փրի. Լեւոն Արոնեան Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Սպանական Մայորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի կրան փրիի ճատրակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ 4-րդ հանգրուանին ճակատեցաւ (ճերմակ քարերով) հոլանտացի Անիշ Կիրիի դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: Նախորդ երեք հանգրուաններուն Արոնեան հաւասարութիւններ արձանագրեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւի եւ ռուս Տմիթրի Եաքովենքոյի դէմ, մինչ յաղթեց ռուս Էռնեսթօ Ինարքիեւի: Արոնեան, որ այժմ 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

- Անպարտելի Մանչեսթըր Սիթի Կը Մնայ Անհասանելի - Նափոլի, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Ամրապնդեցին Իրենց Դիրքերը Մատրիտեան տերպիէն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Անգլիոյ մէջ (12-րդ հանգրուան) Մանչեսթըր Սիթի, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, հետզհետէ կը դառնայ անհասանելի` Լայսթըր Սիթիի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (2-0): Անիկա այժմ 8 կէտով կը գերազանցէ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, վաղը` կիրակի, 19 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Անդրանիկ Պէյրութ հանդիպումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Մապարրա – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ այսօր` շաբաթ, 18 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, երբ Ահտի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Մապարրայի: Նախորդ շաբաթավերջին Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնները դադարի մէջ էին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մրցում ունէր կատարելիք: Բոլոր խումբերուն նման ՀՄԸՄ եւս հանգիստի ժամանակ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ռէալ Մատրիտ Ճակատումը Այսօր Պիտի Գրաւէ Լուսարձակները

Թէեւ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ` եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, սակայն բոլորին ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ Աթլեթիքօ Մատրիտ - Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր մրցումին վրայ, որ տեղի պիտի ունենայ առաջինին դաշտին վրայ: Այսօր Իտալիոյ մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ հետաքրքրական մրցում մը, երբ Հռոմ քաղաքի տերպիին իրարու դէմ պիտի մրցին Ա. Էս. Ռոմա եւ Լացիօ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի

Ասիա - Ովկիանիա տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը կը պատրաստուի հինգշաբթի, 23 նոյեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ Հնդկաստանի դէմ կատարուելիք մրցումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին: Զտումի այս մրցումները կը նկատուին բաւական կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ խումբերը պիտի ապահովեն 2019-ին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքի իրենց տոմսը: Լիբանանի...

Page 903 of 1278 1 … 902 903 904 … 1,278

Արխիւներ