Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հովանաւորութեամբ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Ռապիէ Քլապին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին մանրամասնութիւններ` մօտիկ ապագային կատարուելիք 2017-ի դպրոցական մարզական ախոյեանութեան վերաբերեալ:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի եւ ֆութպոլի ֆետերասիոններուն ընդհանուր քարտուղարները:
Վերոնշեալ համալսարանին անունը կրող այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցին շուրջ 20 վարժարաններ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն պասքեթպոլի եւ ֆութսալի մարզաձեւերուն:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ վերոնշեալ երկու մարզախաղերուն մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: