Յառաջիկայ 1 դեկտեմբերին, Ռուսիոյ մայրաքաղաք` Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալին աւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ, 14 յունիսէն` 15 յուլիս, ռուսական 11 քաղաքներուն մէջ:
Ստորեւ` կը ներկայացնենք աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող 32 խումբերը, ըստ իրենց գտնուած զամբիւղներուն:
Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Ռուսիա, Գերմանիա, Պրազիլ, Փորթուգալ, Արժանթին, Պելճիքա, Լեհաստան եւ Ֆրանսա:
Բ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Սպանիա, Փերու, Զուիցերիա, Անգլիա, Քոլոմպիա, Խրուաթիա, Մեքսիքա եւ Ուրուկուէյ:
Գ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Դանիա, Շուէտ, Իսլանտա, Քոսթա Ռիքա, Թունուզ, Եգիպտոս, Սենեկալ եւ Իրան:
Դ. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Սերպիա, Նիկերիա, Ճափոն, Մարոք, Փանամա, Հարաւային Քորէա, Սէուտական Արաբիա եւ Աւստրալիա: