Լիբանանի վոլիպոլի նախկին ախոյեան Զահրաա Մինա, Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին նախօրեակին կազմակերպեց իր տարեկան ընթրիքի երեկոն` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու:
Ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն ընթացքին անդրադարձ մը կատարուեցաւ 1950-ին հիմնուած ակումբին գործունէութիւններուն:
Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան տարբեր անձնաւորութիւններու, որոնց կարգին` Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Ապի Ռամիային: