Իր գումարած ժողովին ընթացքին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը եւ տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Նախ եւ առաջ ֆետերասիոնը պիտի հովանաւորէ եւ հսկէ Լուպնան – Շապապ կազմակերպութեան կատարելիք մրցումին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Լիբանանի անկախութեան տօնին եւ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Քապրըշմուն եւ Համմանա գիւղերուն միջեւ (30 քմ):
Յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 19 նոյեմբերին, Մարինա – Տըպպայէի շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի անկախութեան բաժակի մրցաշարքին մրցումը` բոլոր դասակարգերուն մէջ:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ իր հեծելանւորդները մասնակցին 22 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանանի անկախութեան տօնին նուիրուած տողանցքին:
Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք ուղղուեցաւ ՀՄԸՄ-ին, որուն տղոց եւ աղջկանց խումբերը հանդիսացան 2017-ի պասքեթպոլի արաբական երկիրներու ախոյեան:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան պիտի մասնակցի 25 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Հեծելարշաւի արաբական ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր, թեքնիք պատասխանատուն պիտի ըլլայ Քայսար Սալլում, իսկ մարզիկները` Ռոյ Ռուքոզ, Ապտալլա Աար, Եուսեֆ Մրատ, Գէորգ Ալթունեան (մեծեր), Յովսէփ Գանլըճեան, Եան Պուզան եւ Ուսամա Ահտապ (երիտասարդներ):
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 6-12 փետրուար 2018-ին Միանմարի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ 2017 տարեշրջանի վերջին մրցումէն առաջ, դասաւորման պատկերը կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ | ԿԷՏ |
1.- Յովսէփ Գանլըճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) | 59 |
2.- Հատի Պաալպեքի (Շեպիպեթ Սալաաթա) | 40 |
3.- Ուսամա Ահտապ (Շեպիպեթ Սալաաթա) | 39 |
4.- Քարլ Տեմիրճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ) | 30 |
ՄԵԾԵՐ | |
1.- Ապտալլա Աար (Պայք-Լեպանոն) | 58 |
ՄԱՍԹԸՐԶ | |
1.- Պասսամ Տըննաուի (Պայք Լեպանոն) | 59 |
Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը իր նախագահ Վաչէ Ծատուրեանը նշանակեց, որ գլխաւորէ եւ կազմակերպէ լեռնային հեծելարշաւի միջազգային մրցումները, որոնք առնչութիւն ունին միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հետ: