Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին, քննարկելէ ետք երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին արձանագրած արդիւնքները, որոշեց պաշտօնազրկել մարզիչ Ճիամփիեռօ Վենթուրան, որ չկրցաւ իր կազմը հասցնել 2018-ի մոնտիալի աւարտականներուն:
Վենթուրա, որ Իտալիոյ մարզիչի իր պաշտօնը ստանձնեց 2016-ին, 17 մրցումի ընթացքին անոր հետ արձանագրեց 10 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 3 պարտութիւն:
Այսպիսով, Իտալիա 60 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի չկարենայ մասնակցիլ մոնտիալին: