Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այլ յաղթանակով մը կը վերադառնայ Հոնկ Քոնկէն, ուր արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:
Լիբանան իր միակ կոլը նշանակեց 40-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Հասան Մաաթուքի (փենալթիով)` այսպիսով 13-ի բարձրացնելով իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը Բ. խմբակին մէջ:
Նախքան իր այս յաղթանակը արձանագրելը, Լիբանան արդէն իսկ ապահոված էր Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի իր տոմսը: