
Պէյրութի միջազգային 15-րդ մարաթոնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային աթլեթիզմի խումբէն 5 մարզիկներ, որոնք իրենց շարունակական եւ յարատեւ փորձերուն շնորհիւ յաջողեցան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրել, իրենք զիրենք փաստել եւ յաջողիլ փայլուն արդիւնքներ ձեռք ձգել:
21 քիլոմեթրի 2002-2003 ծնունդ դասակարգին մէջ, Սերժ Չոլաքեան խլեց առաջնութիւնը` արձանագրելով 1 ժամ 42′ 06″ արդիւնք մը:
Իր կարգին, Նարեկ Փանոսեան (2000-2001-ի ծնունդ), որ մասնակցեցաւ 21 քմ վազքին, արձանագրեց բաւական լաւ արդիւնք մը, երբ 1 ժամ 39′ 03″ արդիւնքով գրաւեց երրորդ պատուաբեր դիրքը:
21 քմ վազքին մասնակցեցաւ նաեւ Հրակ Թորոսեան (2000-2001-ի ծնունդ), որ գրաւեց 6-րդ դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 49′ 32″ արդիւնք մը:
5 քմ մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի խումբէն Փաթիլ Ասատուրեան (2004-2005) գրաւեց 5-րդ դիրքը (26′ 02″), իսկ Յակոբ Ուրֆալեան (2004-2005), որ արձանագրեց 23′ 44″ արդիւնք մը, գրաւեց 10-րդ դիրքը:
Յառաջիկայ տեղի ունենալիք այլ մրցումներուն ընթացքին, անկասկած ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային աթլեթիզմի խումբին մարզիկները պիտի տիրանան յաւելեալ մրցանակներու եւ մետալներու: