Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Անգլիական 5 Խումբեր Պիտի Շարունակեն Մրցաշարքը

Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Այս մրցաշարքին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, անգլիական 5 խումբեր` Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի եւ Թոթենհամ, յաղթահարեցին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած այս հանգրուանը եւ անցան փլէյ-օֆի հանգրուան: Ստորեւ` իրենց տոմսը ապահոված խումբերը. Խմբակներու առաջին դիրքը գրաւեցին Մանչեսթըր Եունայթըտ, Ա. Էս. Ռոմա, Պարսելոնա, Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր...

Ճատրակ. «Լոնտոն-Չես- Քլասիք». Քարուանայի Երկրորդ Յաղթանակը

Ֆապիանօ Քարուանա «Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ֆապիանօ Քարուանա, որ 5-րդ հանգրուանին մրցեցաւ աշխարհի նախկին հնդիկ ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի դէմ: Ան այժմ 3,5 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Մնացեալ մասնակցողներէն ոչ մէկը ցարդ կրցած է յաղթանակ արձանագրել: Մրցաշարքին իր հինգերորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան` ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ:

Պասքեթպոլ. Ուորիըրզ 2 Շաբաթով Կորսնցուց Քարին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Սթեֆըն Քարի 2 շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն, յայտնեց «Ի. Էս. Փի. Էն.»: Թէեւ ան 5 դեկտեմբերին Նիւ Օրլինզի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց 31 կէտ, սակայն չորրորդ քորթըրին վիրաւորուելով մրցումը կիսատ ձգեց: 29 տարեկան Քարիի` իւրաքանչիւր մրցումի միջին հաշուով նշանակած կէտերու քանակը կը գնահատուի 26,3 կէտ:

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզի 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Քեւին Տիւրընթ` Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը` 101-95 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը` 35: Քեւին Տիւրընթ Իր դաշտէն դուրս Շարլոթ Հոռնեցի դէմ յաղթանակ մը արձանագրեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` 101-87 արդիւնքով:...

Անթոնիօ Քոնթէ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Չելսիի իտալացի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, որ Սուանզիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (14-րդ հանգրուան) ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք մը, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 8 հազար փաունտ-սթերլինկ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Ան բարեբախտաբար միայն տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կրնար կախակայուիլ ալ` նկատի ունենալով, որ Ա. կիսախաղին վերջաւորութեան վիճաբանութիւն մը ունեցաւ իրաւարարներուն հետ եւ դաշտէն հեռացուեցաւ:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Այս Շաբթուան Մրցումներուն Յայտագիրը

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Նախ եւ առաջ վաւերացուեցան նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ հրապարակուեցաւ շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը: Ա. դասակարգի խումբերէն Իսլահ Պըրժ Շիմալի, Ախա Ահլի Ալէյ եւ Սալամ Զղարթա մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցան: Իսկ Սալամ Զղարթայի մարզիկներէն Մուսթաֆա Մաթար երեք մրցումով կախակայուեցաւ: Շապապ Ղազիէ հինգ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 2 Մրցումներ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին երկու տարբեր դաշտերու վրայ տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ: Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզադաշտին մէջ, Թատամոն կը հիւրընկալէ Սաժեսը, մինչ Լուէյզի հիւրը կ՛ըլլայ Անթունիէի: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի, վաղը` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Պէյրութը:

Ռուսիա Զրկուեցաւ 2018-ի Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցելու Իրաւունքէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին գործադիր խորհուրդին որոշումով, որակազրկուեցաւ Ռուսիոյ Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, որ այսպիսով պիտի չկարենայ մասնակցիլ 2018-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ռուս ոեւէ պաշտօնեայ ողիմպիականի որեւէ հաւատարմագիր պիտի չստանայ: Ռուսիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, փոխվարչապետ Վիթալի Մութքօ ցմահ զրկուեցաւ ողիմպիական խաղերու հաւատարմագիրէն: Ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսը ապահոված եւ խթանիչ դեղերու գործածութեան հետ առնչութիւն չունեցող ռուս...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Լիբանան Կը Մասնակցի ՖԻԱ-ի Համագումարին

  «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէկ պատուիրակութիւնը այս շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կատարուելիք ՖԻԱ-ի համաժողովին: Իմատ Լահուտ Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախագահ Ֆուատ Խազեն, փոխնախագահ Նեպիլ Քարամ, ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էտտէ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) ներկայացուցիչ Իմատ Լահուտ եւ այլ անձեր: Այս համագումարին Իմատ...

«Սփորթց Մանիա».  Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

«Սփորթց Մանիա». Պասքեթպոլի Եւ Ֆութսալի Դպրոցական Ախոյեանութիւնը Սկսաւ

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած պասքեթպոլի եւ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 19 վարժարաններ: Այս ախոյեանութիւնը կը հովանաւորէ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանը: Լուէյզիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ֆութսալի մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները. Հարիրի Հայ Սքուլ - Ինթըրնեշընըլ Քոլեճ` 2-0, Լուիզ Ֆիկմըն - Ռըսոլ` 4-3, Սանթրալ - Ֆրանսական բողոքական դպրոց` 2-1 եւ Ճիզըս Էնտ Մէյրի - Ժամհուր` 4-4: Իսկ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Մրցակիցները Յստակացան

Երէկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2018-2019 տարեշրջանի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց 13-րդ խմբակին, իրեն դէմ պիտի ունենայ Խրուաթիան, Իտալիան եւ Անտորրան: Զտումի այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Խրուաթիոյ մէջ, 27 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր 2018:

Ճատրակ. «Լոնտոն-Չես- Քլասիք». Ֆապիանօ Քարուանա Արձանագրեց Մրցաշարքին Առաջին Յաղթանակը

«Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի ճատրակի գերմրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, ի վերջոյ արձանագրուեցաւ մրցաշարքին առաջին յաղթանակը, երբ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա սեւ քարերով յաղթեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինին եւ 2,5 կէտով այժմ կը գրաւէ առաջին դիրքը: Մնացեալ բոլոր հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ, եւ բացի Քարուանայէն ցարդ ոչ ոք կրցած է յաղթանակ արձանագրել: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտէն:...

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ 7-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Սպարտակ Մոսկուան

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ կատարուեցան 6-րդ հանգրուանի վերջին ճակատումները: Նախքան երէկուան ճակատումները, յաջորդ հանգրուանին` փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված էին Լիվըրփուլ, Մանչեսթըր Սիթի, Պեշիքթաշ, Թոթենհամ եւ Ռէալ Մատրիտ: Անոնց եկան միանալու վերջին երեք խումբերը` Սեւիլլա, Շախտիոր Տոնեցք եւ Փորթօ: Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Լիվըրփուլ, որ 7-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը`...

«Էն. Պի. Էյ.». 24 Տարեկան Պրետլի Պիլ Նշանակեց 51 Կէտ

Ուեսթպրուքի 7-րդ Թրիփըլ-Տապըլը «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ միայն, սակայն անոնք եղան հետաքրքրական: Պրետլի Պիլ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ արձանագրեց իր 13-րդ յաղթանակը, երբ 106-92 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն 24 տարեկան Պրետլի Պիլ նշանակեց 51 կէտ: Օքլահոմա Սիթի վեց կէտի տարբերութեամբ` 100-94 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Եութա Ճեզը:...

Ըստ «Ֆրանս Ֆութպոլ»-ին. Մանուէլ Նէօյըր` Աշխարհի Լաւագոյն Բերդապահը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխին, ըստ ֆրանսական «Ֆրանս ֆութպոլ» մարզաթերթին, աշխարհի լաւագոյն բերդապահն է, կը յայտնէ «101 կրէյթ-կոլզ»-ը: Անանուն քուէարկութեան հիմամբ, գերմանացին ապահովելով 30 կէտ, գերազանցեց Եուվենթուսի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնը (13 կէտ): Երրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Չելսիի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա (9 կէտ): Նախապէս այս մրցանակին արժանացած են Սանթիակօ Քանիսարես,...

Թիակօ Սիլվա Վիրաւորուեցաւ

Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ եւ խմբապետ Թիակօ Սիլվա, որ նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծիրին մէջ Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, այսօր կամ վաղը բժշկական յատուկ քննութիւններու պիտի ենթարկուի, որպէսզի յստականայ անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը: Պրազիլցին, որ 72-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի հետ բախում ունենալէ ետք, ըստ ֆրանսական մամուլին, պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին Լիլի դէմ կատարուելիք մրցումէն («Լիկ-1»):

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Կարեւոր Յաղթանակով Մը Վերադարձաւ Թրիփոլիէն, Ուր Պարտութեան Մատնեց Մութթահետը 81-74 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան 2 ճակատումներ: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, որ Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ հիւրը եղաւ Մութթահետին, կարեւոր յաղթանակով մը վերադարձաւ Պէյրութ, պարտութեան մատնելէ ետք դաշտին տէրը` 81-74 արդիւնքով (16-15, 24-31, 18-18 եւ 16-17): Երէկուան մրցումէն Նախորդ մրցումին նման բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, ՀՄԸՄ-էն Մաքրամ Պըն Ռամատան նշանակեց 26...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2017 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռըուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը, միեւնոյն ատեն տօնելով իր ընտրութեան առաջին տարեդարձը: Ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ներկաներ եւ մարզական լրագրողներ: Իր խօսքին մէջ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահը Հապիպ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Աթլեթիքօ Մատրիտ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Այսօր Կ՛աւարտին ԽմբակներուԴրութեամբ Տեղի Ունեցող Մրցումները «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, յաւելեալ խումբեր ապահովեցին փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին ութ մրցումները: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, բաւական լաւ արդիւնքներ արձանագրող Աթլեթիքօ Մատրիտ դուրս մնաց մրցաշարքէն` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք...

Մինի Ֆութպոլ. Իհթիմատ Մասրիֆի Տիրացաւ «Պանքօ» Մրցաշարքին Տիտղոսին

Կազմակերպութեամբ Սփորթց Մանիա ընկերութեան, Հազմիէի մէջ գտնուող «Սփորթց Ավենիու»-ի դաշտերուն վրայ տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական մինի ֆութպոլի մրցումները` 16 խումբերու մասնակցութեամբ: Աւարտականին Իհթիմատ Մասրիֆի դրամատան խումբը տիրացաւ տիտղոսին` փենալթիներով (3-1) յաղթելէ ետք «Էմ. Թի. Վի.»-ին: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:  

Page 897 of 1278 1 … 896 897 898 … 1,278

Արխիւներ