Չելսիի իտալացի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, որ Սուանզիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (14-րդ հանգրուան) ունեցաւ ոչ մարզավայել կեցուածք մը, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 8 հազար փաունտ-սթերլինկ տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Ան բարեբախտաբար միայն տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ կրնար կախակայուիլ ալ` նկատի ունենալով, որ Ա. կիսախաղին վերջաւորութեան վիճաբանութիւն մը ունեցաւ իրաւարարներուն հետ եւ դաշտէն հեռացուեցաւ: