Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ եւ խմբապետ Թիակօ Սիլվա, որ նախանցեալ օր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծիրին մէջ Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, այսօր կամ վաղը բժշկական յատուկ քննութիւններու պիտի ենթարկուի, որպէսզի յստականայ անոր ստացած վնասուածքին տարողութիւնը:
Պրազիլցին, որ 72-րդ վայրկեանին վիրաւորուեցաւ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի հետ բախում ունենալէ ետք, ըստ ֆրանսական մամուլին, պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին Լիլի դէմ կատարուելիք մրցումէն («Լիկ-1»):