
«Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Ֆապիանօ Քարուանա, որ 5-րդ հանգրուանին մրցեցաւ աշխարհի նախկին հնդիկ ախոյեան Վիշվանաթան Անանտի դէմ: Ան այժմ 3,5 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:
Մնացեալ մասնակցողներէն ոչ մէկը ցարդ կրցած է յաղթանակ արձանագրել:
Մրցաշարքին իր հինգերորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան` ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ: