Քեւին Տիւրընթ`
Թրիփըլ-Տապըլի Հեղինակ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն, փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաքրամենթօ Քինկզը, արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը` 101-95 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց մրցումին ամէնէն շատ կէտը` 35:

Իր դաշտէն դուրս Շարլոթ Հոռնեցի դէմ յաղթանակ մը արձանագրեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` 101-87 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (35 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ):
Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նիւ Օրլինզին մաս կազմող Տեմարքուս Քուսինս (40), երբ անոր կազմը 123-114 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նեկեթցին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ | 101-95 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ | 98-96 |
| Օրլանտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս | 110-106 |
| Պոսթըն Սելթիքս – Տալաս Մավըրիքս | 97-90 |
| Նիւ Եորք Նիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 99-88 |
| Շարլոթ Հոռնեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 87-101 |
| Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 104-100 |
| Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց | 123-114 |
| Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մայեմի Հիթ | 117-105 |
| Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 107-113 |
Ստորեւ` կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Պրուքլին Նեթց – Օքլահոմա Սիթի
Եութա Ճեզ – Հիուսթըն Ռոքեթց


