«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէկ պատուիրակութիւնը այս շաբաթավերջին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կատարուելիք ՖԻԱ-ի համաժողովին:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախագահ Ֆուատ Խազեն, փոխնախագահ Նեպիլ Քարամ, ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էտտէ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) ներկայացուցիչ Իմատ Լահուտ եւ այլ անձեր:
Այս համագումարին Իմատ Լահուտ ՖԻԱ-էն պիտի ստանձնէ իր երկու կարեւոր պաշտօնները. առաջինը` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահի պաշտօնը, քաթարցի Նասեր Խալիֆէ Աթիէի փոխարէն (որ չուզեց առաջադրել իր թեկնածութիւնը), եւ միջազգային այլ կարեւոր պաշտօն մը, որ ՖԻԱ-ի նախագահ Ժան Թոտէն առաջարկուեցաւ Լահուտին: