Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպած պասքեթպոլի եւ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 19 վարժարաններ: Այս ախոյեանութիւնը կը հովանաւորէ Քասլիքի Ս. հոգի համալսարանը:
Լուէյզիի դաշտին վրայ տեղի ունեցած ֆութսալի մրցումները տուին հետեւեալ արդիւնքները.
Հարիրի Հայ Սքուլ – Ինթըրնեշընըլ Քոլեճ` 2-0, Լուիզ Ֆիկմըն – Ռըսոլ` 4-3, Սանթրալ – Ֆրանսական բողոքական դպրոց` 2-1 եւ Ճիզըս Էնտ Մէյրի – Ժամհուր` 4-4:
Իսկ Շանվիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցած պասքեթպոլի մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Քալպէյն Աքտաս (Զահլէ) – «Ա. Սի. Էս.» 63-48, Մար Եուսեֆ Այնթուրա – Ինթըրնեշընըլ Քոլեճ` 56-51, Լուիզ Ֆիկմըն – Ժամհուր` 74-68 եւ Հարիրի Հայ Սքուլ – Աքիլա Մուքատտասա (Զալքա)` 63-41:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան շաբաթավերջին: