Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լը Ռըուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը կատարեց 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը, միեւնոյն ատեն տօնելով իր ընտրութեան առաջին տարեդարձը:
Ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներ եւ ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով ներկաներ եւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահը Հապիպ Զարիֆէ` շնորհաւորելով 2017 տարուան ընթացքին մրցանակներու տիրացած մարզիկները, յայտնեց, որ այս տարին բոլորին համար եղաւ բաւական փայլուն տարի մը: Ան յոյս յայտնեց, որ 2018-ին լիբանանցի մարզիկները յաւելեալ յաջողութիւններ ձեռք ձգեն, մանաւանդ` միջազգային գետնի վրայ:
Խիամի եւ Համմամ, իրենց կարգին խօսք առնելով, շնորհաւորեցին ֆետերասիոնն ու մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Աւարտին շուրջ հազար անձերու ներկայութեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: