Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին երկու տարբեր դաշտերու վրայ տեղի կ՛ունենան 2 մրցումներ:
Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզադաշտին մէջ, Թատամոն կը հիւրընկալէ Սաժեսը, մինչ Լուէյզի հիւրը կ՛ըլլայ Անթունիէի:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի, վաղը` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ կը հիւրընկալէ Պէյրութը: