Ուեսթպրուքի 7-րդ
Թրիփըլ-Տապըլը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ միայն, սակայն անոնք եղան հետաքրքրական:

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ արձանագրեց իր 13-րդ յաղթանակը, երբ 106-92 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն 24 տարեկան Պրետլի Պիլ նշանակեց 51 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի վեց կէտի տարբերութեամբ` 100-94 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Եութա Ճեզը: Այս տարեշրջանին 7-րդ անգամ ըլլալով Օքլահոմայի կազմէն թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (34 կէտ, 13 ռիպաունտ, 14 էսիսթ):
Վերջապէս, երրորդ եւ վերջին մրցումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին, 126-113 արդիւնքով:
Ստորեւ` կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շիքակօ Պուլզ
Օրլանտօ Մեճիք – Աթլանթա Հոքս
Պոսթըն Սելթիքս – Տալաս Մավըրիքս
Նիւ Եորք Նիքս – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Օրլինզ – Տենվըր Նակեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մայեմի Հիթ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ