Մարզական

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Երկրորդ` Մալեզիոյ Մէջ

Մալեզիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի Փենանկ Օփընի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի ճատրակ խաղացող Կարէն Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Ան արձանագրեց 8 յաղթանակ եւ կրեց մէկ պարտութիւն: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 134 ճատրակ խաղացողներ:

Ճատրակ. «Կրանտ-Չես-Թուր». Մակնիւս Քարլսըն Յաղթեց Լեւոն Արոնեանին Եւ Տիրացաւ Տիտղոսին

«Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի ճատրակի գերմրցաշարքի վերջին հանգրուանին, աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն սեւ քարերով առաւելութեան հասնելով Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի դէմ իր կատարած ճակատումին, տիրացաւ տիտղոսին եւ... 245 հազար ամերիկեան տոլարի:

Ճատրակ. «Լոնտոն-Չես- Քլասիք»-ը Աւարտեցաւ Հայ Վարպետներու Յաղթանակով

Բրիտանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի գերմրցաշարքը  աւարտեցաւ  Հայաստանի հաւաքականի անդամներու յաղթանակով: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հրանդ Մելքումեան 9 կէտէն շահեցան 7,5-ական կէտ եւ ֆրանսացի Սեպասթիան Մեզէի հետ գրաւեցին  առաջինէն երրորդ պատուաբեր դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով Գաբրիէլ Սարգսեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Հրանդ Մելքումեան ` երկրորդ: Վերջին հանգրուանին Մելքումեան սպիտակներով հաւասարութիւն արձանագրեց ռուս Ալեքսանտր Մոտիլիովի հետ, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան սպիտակներով պարտութեան մատնեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Երթի Հանգրուանի Ախոյեան ՀՄԸՄ – Ռիատի 92-84

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ շաբաթ երեկոյեան բառին իսկական իմաստով ասեղ ձգելիք տեղ չէր մնացած, «Յառաջ նահատակ»-ի աւանդական ինքնաբուխ երգեցողութենէն ժամեր առաջ: Դաշտը ողողած համակիրները եւ պատկերասփիւռէն հետեւողները վայելեցին  պասքեթպոլի շատ գեղեցիկ ու հետաքրքրական մրցում մը եւ ապրեցան արդար հպարտութեան պահեր: Արդարեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն  Արդիւնքները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Շաբաթավերջին Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեանց մրցաշարքերուն ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Անգլիա. 16-րդ Հանգրուան. Ուեսթ Համ - Չելսի 1-0 Պըրնլի - Ուաթֆորտ 1-0 Քրիսթալ Փալաս - Պուրնըմաութ 2-2 Հատըրսֆիլտ - Պրայթըն 2-0 Սուանզի - Ուեսթ Պրոմուիչ 1-0 Թոթենհամ - Սթոք Սիթի 5-1 Նիւքասըլ - Լեթըր Սիթի 2-3 Սաութհեմփթըն - Արսենալ 1-1 Լիվըրփուլ - Էվըրթըն 1-1 Մանչեսթըր Եունայթըտ - Մանչեսթըր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ 3-0

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին մրցակիցն էր  Շապապ Ղազիէն: Անսար Ժընուպի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումը վերջ գտաւ Շապապ Ղազիէի յաղթանակով` 3-0 արդիւնքով:

Լիբանանեան Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի  Եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի Մրցումները

Լիբանանեան Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի Մրցումները

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 10 դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատաքայի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումը Աֆաքի դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ 9-7 արդիւնքով` ի նպաստ Աֆաքի: Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 10 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը 10-3...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Գագաթի Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ գագաթի ճակատում մը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Մրցումին յաղթականը պիտի հանդիսանայ երթի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ արձանագրած են 7-ական յաղթանակ եւ կրած մէկական պարտութիւն: Ասկէ մեկնելով,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաֆայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շապապ Մաժտալ Այնճար - Ահլի Սայտա մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ Ահլի Սայտայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: Երթի վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 9 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Շապապ Ղազիէի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի պիտի ունենայ Անսար...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.

- Այսօր` Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպիի Մրցումը - Վաղը` Վիարէալ - Պարսելոնա Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք կարգ մը մրցումները պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական: Անգլիոյ մէջ, Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին, Եունայթըտ վաղը պիտի հիւրընկալէ ցարդ անպարտելի Սիթին: Անգլիոյ մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ տերպիի այլ մրցում մը, որուն ընթացքին Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ Էվըրթընը: Իտալիոյ մէջ, գագաթի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Առաջին Պարտութիւնը

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Շարքի դաշտին վրայ մրցեցաւ Նըսուր Ալէյի դէմ: ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 6-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-1):    

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Լիբանանեան Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի Կազմերը Մրցումներ Ունին Կատարելիք

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 10 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Աֆաքի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է, կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ միայն ետ մնալով Զուք...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Նըսուր Ալէյ

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Նըսուր Ալէյի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Շարքի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմը իր առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց Հուտա խումբին դէմ (2-0):

Լիոն Եւ Աթլեթիքօ Իրենց Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեցին Մինչեւ 2020

Լիոն Եւ Աթլեթիքօ Իրենց Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեցին Մինչեւ 2020

Լիբանանեան Աթլեթիքօ ակումբը ֆրանսական Լիոն ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2020: Այդ պայմանագրութեան երկարաձգումը տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ` ներկայութեամբ Լիոնի պատասխանատուներուն եւ Աթլեթիքոյի նախագահ Ռոպեր Փաուլիի: Ըստ կնքուած պայմանագրութեան, Լիոն լիբանանեան ակումբին տրամադրած իր մարզիչներով պիտի մարզէ տարիքային տարբեր խումբեր, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ պիտի կազմակերպէ յատուկ բանակումներ` մարզիչներու եւ մարզիկներու համար: Աթլեթիքօ Լիոնի հետ իր առաջին պայմանագրութիւնը ստորագրեց...

Փութին. «Ռուսիա Արգելք Չէ, Որ Իր Քաղաքացիները Իբրեւ Չէզոք Մարզիկներ Մասնակցին Ողիմպիական Խաղերուն»

Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը զրկեց 2018-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ` խթանիչ դեղերու գործածութեան պատճառով: Սակայն անիկա յայտարարեց, որ ողիմպիական տոմս ապահոված եւ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ չունեցող մարզիկները, չէզոք կարգավիճակի մէջ կրնան մասնակցիլ այդ խաղերուն` «ողիմպիական մարզիկներ Ռուսիայէն» անունին տակ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ Ռուսիա ոչ մէկ արգելք պիտի հանդիսանայ բոլոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 79-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կ՛աւարտի 8-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Շանվիլ - Պէյրութ մրցումը: Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 20:30-ին:  

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Պիտի Կատարէ 2017 Տարուան Իր Մրցանակաբաշխութիւնը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-էն սկսեալ, իր ակումբին մէջ (Քասլիք) պիտի կատարէ 2017 տարուան իր մրցանակաբաշխութիւնը, բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն գծով:

Հրացանաձգութիւն. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Տեղի Ունեցաւ 3-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Քուրայի մէջ գտնուող Սուաթ Ռիատի - Պարզուն ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հրացանաձգութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները (25 մեթր ատրճանակ): Անիկա տեղի ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հովանաւորութեամբ: Առաջին դիրքը գրաւեց հազարապետ-զօրավար Էլիաս Հաննա, որ ապահովեց 178 կէտ, իսկ երկրորդ դիրքը այլ հազարապետ-զօրավար մը` Ֆաթեք Սաատի (176 կէտ): Այս ախոյեանութեան հսկեց միջազգային իրաւարար, ինչպէս...

Ծանրաբարձութիւնը Մնաց Ողիմպիական Խաղերու Ծրագիրին Մէջ

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ ծանրաբարձութիւնը պահեց 2024-ի Փարիզի ողիմպիական խաղերուն ծրագիրին մէջ: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը մինչեւ դեկտեմբեր Մ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ ծանրաբարձութիւնը պահեց 2024-ի Փարիզի ողիմպիական խաղերուն ծրագիրին մէջ: Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը մինչեւ դեկտեմբեր Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պէտք էր ներկայացնէր խթանիչ դեղերու դէմ պայքարի իր ծրագիրը: 2020-ի Թոքիոյի ողիմպիական...

Քրիսթիանօ Ռոնալտոն Տիրացաւ «Ոսկիէ Գնդակ»-ին

Երէկ երեկոյեան Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Ֆրանս ֆութպոլի» կազմակերպած մրցանակաբաշխութեան ձեռնարկին Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տիրացաւ «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին: 32 տարեկան Ռոնալտօ նախապէս այս տիտղոսին տիրացած էր 4 անգամ, երէկուան 5-րդ տիտղոսով ան հաւասարեցաւ Լիոնել Մեսսիի: Ռոնալտոն 2008-ին, 2013-ին, 2014-ին եւ 2016-ին արժանացած է նոյն մրցանակին: Թուիթըրեան գրառումով մը Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շնորհակալութիւն յայտնած է իր համակիրներուն, բարեկամներուն եւ...

Page 896 of 1278 1 … 895 896 897 … 1,278

Արխիւներ