«Լոնտոն-Չես-Քլասիք»-ի ճատրակի գերմրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, ի վերջոյ արձանագրուեցաւ մրցաշարքին առաջին յաղթանակը, երբ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա սեւ քարերով յաղթեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինին եւ 2,5 կէտով այժմ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Մնացեալ բոլոր հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ, եւ բացի Քարուանայէն ցարդ ոչ ոք կրցած է յաղթանակ արձանագրել:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ աշխարհի նախկին ախոյեան, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտէն:
5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արոնեան ճերմակ քարերով կը մրցի, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի դէմ: