Ճատրակ-Լոնտոն-Չես-Քլասիք. 3-րդ Հանգրուանի Բոլոր Հանդիպումները Եւս Աւարտեցան Հաւասարութեամբ
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի Լոնտոն-Չես-Քլասիք գերմրցաշարքին 3-րդ հանգրուանի բոլոր հանդիպումները եւս, նախորդ երկուքին նման, աւարտեցան հաւասարութեամբ: Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, իր երրորդ հաւասարութիւնը արձանագրեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ: Ան իր առաջին երկու հաւասարութիւնները արձանագրած էր ռուս Եան Նեփոմնիասչուի եւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ: 4-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ:...


